Sunday, May 31, 2020

Հայն ու Հայորդին

Peter Paul Rubens "Saturn Devouring His Son"


Հայորդի մը պատին կը խօսի, պատը չի հասկնար։ Քարին կը խօսի, քարը չի հասկնար։ Հայուն կը խօսի, հայն ալ չի հասկնար։ Հայորդիին կը խօսի,
Միթէ ան կը հասկնայ...

Չորս օր շարունակ ուշադրութեամբ հետեւեցայ Հայոց Ցեղասպանութեան 105-րդ տարելիցին ուղղուած իրադարձութիւններուն։ Անհամբեր էի տեսնելու թէ ի՞նչ «նոր» հնար պիտի գտնէ մեր ազգը «հին»ը շարունակելու համար, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այս տարուան «նորագոյն» մոտան «հինցած»ը արդիականացնելու համար։ Արդիւնքը չզարմացուց։ Ամէն մարդ իր ազգային պարտքը կատարեց՝ յիշեց ու պահանջեց։ Շատեր յուզուեցան, ուրիշներ ալ աւելի յուզուեցան։ Շատեր իրենց անցեալ տարուայ նկարները հրապարակեցին, ուրիշներ երեք հատ նկար հրապարակեցին։ Շատեր ոգեկոչուեցան, թուրքերուն եւ ամբողջ աշխարին լաւ դաս մը տուին։ Instagram-ի վրայ challenge ըրին, յիշեցին իրենց արմատները, գտան իրենց պապենական տունը, եւ հաստատեցին որ պիտի անպայման վերադառնան «վաղ թէ ուշ»։ Օ՜հ դեռ ուրիշներ իրենց կեանքին ամէնամեծ պահը ապրեցան, երբ որ «նոր» համացանցային ծրագիրով անմոռուկ մը զետեղեցին, online երթ կատարեցին դէպի Ծիծեռնակաբերդ, եւ իրենց անուն մականունը այդ պատերուն վրայ գրեցին։

Այդպէս սորվեցուցած էր հայը հայորդիին։ «Նոր» աւանդութիւններ եկան «հին»երուն կենակցելու կամ փոխարինելու։ Բայց խորքը մնաց նոյնը՝ չմոռնալ, չկրկնել, յիշել ու պահանջել։

-Ի՞նչ պահանջել, հարցուց հայորդի մը։

-Պահանջել մեր իրաւունքները, մեր երկիրը, հատուցում, արդարութիւն, ՃԱՆԱՉՈ՜ՒՄ... գոչեց հայը։

-Ի՞նչը ճանչնալ, կրկին հարցուց հայորդին։

-Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ճանչցնել ամբողջ աշխարհին որ թուրքերը արեւմտահայերուն կոտորեցին ու հայրենազրկեցին ամենաբարբարոս ձեւերով։ Գլխատեցին մեր մտաւորականները։ Ոչնչացուցին մեր մշակոյթը՝ երաժշտութիւնը, ճարտարապետութիւնը, բարբառները, գրականութիւնը, պատասխանեց հայը։

-Իսկ Ճանաչումէ՞ն ետք։

-ՃԱՆԱՉՈՒՄ, ՃԱՆԱՉՈ՜ԻՄ... Գերմանիան ալ ճանչցաւ, Ամերիկան ալ ճանչցաւ, վաղը Անգլիան ալ պիտի ճանչնայ, Իսրայէլն ալ պիտի ճանչնայ, ամբողջ ամբո՜ղջ աշխարհը պիտի ճանչնայ։

-Իսկ այդ Ճանաչումը ինչպէ՞ս կ'օգնէ արեւմտահայութեան այսօրուայ խնդիրներուն լուծմանը՝ չքաւորութեան, թափառականութեան, անուսութեան, դպրոցներու փակման, համալսարաններու բացակայութեան, օտարացման, արեւմտահայերէնի կիսագրագիտութեան...

-Հը՞։

-105 տարիներ անց, միթէ՞ ոեւէ մէկը կը հալածէ կոր մեզի, կը ջարդէ կոր մեզի, կը կտրէ՞ կոր արեւմտահայերէն խօսողներուն լեզուները, կը գլխատէ՞ կոր մեր մտաւորականները, կ'ոչնչացնէ՞ կոր մեր մշակոյթը, կայրէ՞ կոր մեր դպրոցները։

-Ո'չ

-Ապա ո՞ւր կը կորսուին կոր արեւմտահայերը։ Ինչպէ՞ս է որ արեւմտահայերէնը UNESCO-ով կը հայտնուի կոր վտանգուած լեզուներուն ցուցակին վրայ, եւ Wikipedia-ն արեւմտահայախօսներուն թիւը կը գնահատէ կոր մէկ միլիոնէն նուազ։ Ինչպէ՞ս է որ արեւմտահայութեան թիւը աւելնալու փոխարէն օրէ օր կը պակսի կոր, արեւմտահայ համայնքները յաջորդաբար կը փոշիանան կոր երբ մեզ կոտորող չկայ։ ՈՃՐԱԳՈ՛ՐԾ թուրք, ԱԶԳԱՍՊԱ՛Ն թուրք։ Ո՞ւր են մեր մտաւորականները այս խաղաղ պայմաններուն մէջ։ Ինչո՞ւ մեր ժողովուրդը չի տար կոր նոր գրողներ ու բանաստեղծներ երբ իրենց գլխատող չկայ ։ Արդեօք իրենց չգրած գիրքերը արդէն թուրքերուն հուրէն անցան ու մոխրացա՞ն։ ԲԱՐԲԱՐՈ՛Ս թուրք։ Ո՞ւր է մեր մշակոյթը, ինչո՞ւ նոր երգ երաժշտութիւն չի գրուիր կոր։ Ո՞ւր են մեր երգահանները արդեօք այս ազատութիւնը տեսնելով բոլորը Կոմիտասին նման խելագարուեցա՞ն։ ՀԱՆՑԱԳՈ՛ՐԾ թուրք։

-Հը՞։

-Բացատրեմ՝ մէջբերում Wikipedia-էն:

"As mostly a diasporic language, and as a language that is not an official language of any stateWestern Armenian faces extinction as its native speakers lose fluency in Western Armenian amid pressures to assimilate into their host countries. Estimates place the number of fluent speakers of Western Armenian outside Armenia and Georgia at less than one million."

1) Արեւմտահայերէնը աշխարհի ոչ մէկ պետութեան պաշտօնական լեզու կը հանդիսանայ, ներառեալ Հայաստանի հանրապետութեան։
2) Արեւմտահայերէնը ոչնչացման եզրին է։
3) Արեւմտահայախօսներուն թիւը մէկ միլիոնէն նուազ է։

Բայց Հայաստանը մեր Հայրենիքն է՜։ Երեւանը համայն հայութեան սիրտն է, Էջմիածինը հոգին, Ծիծեռնակաբերդն ալ մեր ուխտատեղին։ Հայրենիք, որուն կերտման համար այնքան արիւն եւ քրտինք թափած է արեւմտահայութիւնը։ Վիրաւոր ու տեղահանուած, մեկ ճակատամարտէն միւսը նետուած է որպէսզի Ռուսահայաստանէն ազատ-անկախ հայրենիք շինէ։ 1918-1921 թուականներու տուեալներով նորաստեղծ փոքրիկ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան 1/5-րդը՝ մէկ միլիոնէն 200,000-ը արեւմտահայեր էին։ Ո՞ւր է հիմա այդ ժողովուրդը... արեւելահայացած է։ Աւելին, ներգաղթի ժամանակ 1946-1947 թուականներու տուեալներով, համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն արիւնաքամ դարձած Հայաստանը կործանումէ փրկելու համար, 150.000 արեւմտահայ հաշուող արեան նոր պարկ մը ժամանած է Հայրենիք։ Կրկին կը հարցնեմ, ո՞ւր է հիմա այդ ժողովուրդը... Արեւելահայացած է, եւ արդեն ինքն ալ նոր եկող արեւմտահայերուն «սփիւռքահայ» կ'անուանէ։ Եւ ահա՛ իւրաքանչիւր տասնամեակի, մեծ ու փոքր ալիքներով ժամանած այդ արեւմտահայութիւնը շուրջ 500.000 ժողովուրդ հաշուող, Հայաստանի տաք արեւուն տակ ալքոհոլի նման ցնդած է, եւ կամ Հայաստանի սառ ջուրին մէջ շաքարաւազի նման լուծուած է։

-ՃԱՆԱՉՈՒՄ, ՃԱՆԱՉՈ՜ՒՄ

-Օ՜հ չքնաղ հայրենիք։ Հայրենիք, ուր արեւմտահայը աւելի արագ կը ցուլուի քան որեւէ ուրիշ երկրի մէջ։ Հայրենիք, ուր արեւմտահայը սոսկ «սփիւռքահայ» է, եւ ինչպէս մեր «հայ»երէն մէկը նշեց առիթով մը՝ Սփիւռքը Հայաստանի քարիւղն է։ Կը մնար ըսէր Սփիւռքը Հայաստանի կթան կովն է։ Սխալ ըսած չէր ըլլար, որովհետեւ այո՛ Սփիւռքը կարմիր կովի նման իր կաթը աջ ու ձախ կը թափէ, ատոր համար ալ լոկ ծաղր ու ծանակի արժանացած է։ Հայրենիք, ուր կը հաւաքուին մեր հայագէտները, թրքագէտները, մարդաբաններն ու արեւելագետները, եւ ծածկալեզուական (ժառկոնային) արեւելահայերէնով հարցազրոյց կու տան եւ դիմատետրի վրայ գրառումներ կ՚ընեն։ Անշո՛ւշտ կու տան, հոսանք չունեցողը ուրիշին ջուրերուն մէջ կը լողայ։ Հայրենիք, ուրկէ «դուխով» օտար բառը կ՛ելլէ եւ Լիբանանի ցոյցերուն ժամանակ, արեւմտահայ մոլորածներուն ցուցանակներուն վրայ կը յայտնուի։ Հարկա՛ւ կը յայտնուի, հովիւ չունեցող ոչխարը ուրիշին հօտին մէջ կ՛արածի։

Օ՜հ անուշ հայրենիք։ Հայրենիք, ուր արեւմտահայերէնը պաշտօնական լեզու չէ։

-Հայը հայ է, հայերէնն ալ հայերէն, ի՞նչ տարբերութիւն։

-Ճիշդ ես, ի՞նչ տարբերութիւն մեծապատիւ Tourist, ով երկու շաբաթով այցելած է Հայաստանն ու շատ սիրած է, բայց երբեք հոն չէ ապրած։ Շատեր եկան որպէս հայ, եւ միայն հաստատուելէ յետոյ հասկցան որ ընդամէնը «սփիւռքահայ» են, եւ որ իրենց խօսածը բարբառ մըն է եղեր, եւ որ իրենք հայերէն պետք է սորվին եղեր։ Բայց ինչ հոգ, դուն իրենցմէ արագ սորվեցար այդ Prestige դարձած արեւելահայերէնը, եւ վերադառնալով աջ ու ձախ ցուցադրեցիր քու նոր ձեռք բերած տգիտութիւնդ։ Լիբանանի մէջ մատի վրայ կը հաշւուին հայաստանցիները, բայց Օ՜հ այնքան շատցան մեծապատիւ Tourist-ները որ իրենց համար Վանայ-Ձայն ռատիոկայանէն արեւելահայերէն հաղորդում ստեղծուեցաւ։ Մինչդեռ, Երեւանի մէջ ներկայիս 15.000-էն 20.000 արեւմտահայութիւն կայ, բայց ոչ մեկ ռատիոհաղորդում, ոչ մէկ հեռուստահաղորդում, ոչ մեկ արեւմտահայերէն թեքումով դպրոց կամ անգամ արեւմտահայերէնի ուսուցման ծրագիր։ Նորէն կը հարցնեմ, ո՞ւր է վերոյիշեալ կէս միլիոն ժողովուրդը, հոն ալ պիտի երթայ այսօրուայ 20.000-ը։ Մէկ ու կէս միլիոնը տարաւ թուրքը, կէս միլիոնն ալ տարաւ հայրենիքը ու պիտի տանի նաեւ 20.000-ը։

-ՅԻՇԵ՜Լ եւ ՊԱՀԱՆՋԵ՜Լ

-Շաքարով ջուրը միեւնոյնն է ջուր է եւ ոչ թէ շաքար։ Գացէ՜ք, քաղցրացուցէք այդ ջուրերը։ Գնեցէք ասդիէն անդիէն պատահական հողեր ու տուներ հայրենիքի մէջ, բայց միշտ մոռցէք համադրել, կազմակերպել ու նախագծել, որպէսզի հայրենիքէն ձեր իրաւունք բաժինը վերցնելով արեւմտահայութեան համար տուն մը շինեք հոն: Ոտքի ելէ՛ք եւ մէկ բռունցք դարձէք, Radiothon, Telethon եւ այլ հիմնադրամներով տասնեակ միլիոնաւոր տոլարներ հաւաքեցէք, եւ Հայաստանի ու Արցախի երկինքներէն մանանայ տեղացնելով դուք ձեզի հայրենասէր զգացէք։ Գացէ՜ք արեւմտահայ վսեմաշուք մեծահարուստներ, եւ նուիրատուութիւններ կատարեցէք Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանին, բայց միշտ մոռցէք արեւմտահայերէն լեզուի դասընթացներ տրամադրելու մեր երիտասարդ ուսանողութեան։ Հոգ չէ, թող երթան իրենք իրենց մայրենի լեզուն արեւելահայերէնով կամ անգլերէնով սորվին։ Գացէ՜ք Արցախի մէջ նոր թաղամասեր կառուցեցէք, եւ ձեր անունները յաւերժացուցէք այդ պատերուն վրայ։ Անսահման հոգեկան գոհունակութիւն ապրեցէք շողոքորթ դէմքերու ժպիտները տեսնելով, եւ վերադարձէք ձեր համայնքներ որպէս ազգային բարերարներ։ Հոգ չէ, թող փակեն իրենց դռները ազգային դպրոցները, Մելգոնեանը, արեւմտահայ կրթութեան հաստատութիւնները, եւ բնաւ իրենց համարժէքը մի կառուցէք Հայաստանի մէջ։ Գացէ՜ք եւ ուրիշին ջրաղացին ջուր լեցուցէք։ Գացէ՜ք ժողովուրդ, ստացէք քաղաքացիութիւնն այն հայրենիքին, ուր արեւմտահայութիւնը ոչ մէկ քաղաք ունի, ոչ մէկ գիւղ ունի, ոչ մէկ դպրոց ունի, ոչ մէկ ներկայացուցիչ ունի։ Ուր արեւմտահայը սոսկ «սփիւռքահայ» է։

Օ՜հ քնքուշ հայրենիք։ Հայրենիք ուր արեւմտահայերէնը պաշտօնական լեզու չէ։

-Ի ՞նչ կարիք կայ այդ բոլորին։ Մենք Պուրճ-Համուտ ունինք, Ֆանարի թաղամասը ունինք, Այնճար ունինք, հոն խաչի տօնին կ՚ելլենք հարիսա կ՚ուտենք, Քեսապ ունինք, հոն կ՚երթանք պաթաթա պալոն կ՚ուտենք։ Նոր տարուայ ժամանակ, մեր սկաուտները օրացոյց կը ծախեն, իսկ պահքի ժամանակ տիկնացի կնիկները իրար միջինքի կը հրաւիրեն, ամառն ալ հայրենակցական միութիւնները ճաշկերոյթ կը կազմակերպեն։ Կը կարծես կոր պարա՞պ մնացեր ենք։ Կուսակցութիւնը Սեւրի դաշնագիրն ու Ուիլսոնեան Հայաստանը կը պահանջէ կոր, կաթողիկոսն ալ Սիսի նստավայրն ու Կիլիկիան կը պահանջէ կոր։ Մեծ պետութիւնները իրար ետեւէ կը ճանչնան կոր Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Շուտով պիտի առնենք, պիտի երթա՜նք։ Ծովէ-Ծով Հայաստա՜ն։ ՃԱՆԱՉՈՒՄ, ՃԱՆԱՉՈ՛ՒՄ․․․ ՅԻՇԵ՛Լ ու ՊԱՀԱՆՋԵ՛Լ, ՊԱՀԱՆՋԵ՛Լ, ՃԱՆԱՉՈ՛ՒՄ։

-Ճիշդ ես, այդ է մեր ամբողջ արեւմտահայ ժողովուրդին 105 տարուայ ժառանգութիւնը՝ երկու շրջան եւ երկու գիւղ։ Երբ մենք 30 տարուայ անկախ հայրենիքին վրայ, չենք կրցած արեւմտահայ մայրաքաղաք մը հիմնել, օփերա կառուցել, համալսարան շինել, արեւմտահայերէնը պաշտօնական լեզու դարձնել, ինչպէ՞ս 1923 թուականէն ի վեր մեռած, Ծովէ-Ծով Հայաստանի ծրագիր կը հետապնդենք։ Երբ մենք այսքան տկար ինկած ենք անգամ ներազգային՝ հայկական գետնի վրայ, ինչպէ՞ս միջազգային հարթակներու վրայ պահանջներ կը դնենք։

-Հոգ չէ, երբ ժամանակը գայ ամէն բան կ՛ըլլայ։ ՊԱՀԱՆՋԵ՛Լ, ՊԱՀԱՆՋԵ՛Լ

-Բայց ինչպէս վերը նշեցինք, Արեւմտահայախօսներուն թիւը մէկ միլիոնէն նուազ է եւ Արեւմտահայերէնը ոչնչացման եզրին է։ Սա ի՞նչ կը նշանակէ, երբ «արդարապաշտ» եւ «մարդասէր» աշխարհը մէկ կողմէն կը ճանչնայ հայոց ցեղասպանութիւնը, իսկ միւս կողմէն ալ կը ճանչնայ արեւմտահայերէնի ու արեւմտահայութեան վերացումը։ Կը նշանակէ, որ մէկ ձեռքով մեզ կը շոյեն, իսկ միւսով մեր գերեզմանը կը փորեն։ Արդեօք քու գերագոյն նպատակդ աշխարհին ճանչցնելն է որ մեզի կոտորեցին ու հայրենազրկեցին ամենաբարբարոս ձեւերով, եւ վերանա՞լն է աշխարհի երեսէն։

-Հապա ի՞նչ կ'առաջարկես ընել, յանձնուի՞լ, մոռնա՞լ։ Չէ՜, դեռ երիտասարդ ես հայորդի, պատմութիւնը լաւ չես գիտեր. պէտք է ՅԻՇԵ՜Լ ու ՊԱՀԱՆՋԵ՜Լ։


Պատը չհասկցաւ։ Քարը չհասկցաւ։ Հայն ալ չհասկցաւ։ Հայորդին,
Միթէ ան կը հասկնայ...


Կը ստորագրեմ որպէս թոյնը թափած անվնաս օձ,
Ով դեռ «հին»ով թունաւորուած է թող առաջին քարը նետէ։



0 comments:

Post a Comment