Sunday, May 31, 2020

ԴԻՄԱՆԿԱՐԻ ԱՌՋԵՒ

Gustave Courbet "Le Désespéré" (Self-Portrait)


Երեկ երբ Facebook մտայ, դիմանկարներու առջեւ յայտնուեցայ։ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրման եւ հայկական պետականութեան վերականգնման առթիւ շատեր տեղադրեր էին հայ մեծերու դիմանկարները, յիշատակուած որպէս հիմնադիրներ ու հերոսներ։ Անոնց շարքին կային այնքան մեծանուն արեւմտահայ դէմքեր, որոնք հակառակ ցեղասպանութեան, երթալով արեւելահայաստան, կազմակերպեցին մեծաթիւ արեւմտահայ ուժերը, ճակատամարտեցան եւ թուրքին աչքին առջեւ կանգնեցուցին հայրենիք։ Բայց իրենց աչքը մնաց սահմանին այն կողմը, հայեացքը ուղղուած դէպի Երկիր։ Գացին եւ կերտեցին Հայաստան, բայց կարծես չհասան իրենց Հայաստանին։ Միւս կողմէ, տարագիր հայը, դեռ վէրքերը բաց, երբ իր Երկրէն տակաւին արիւն կը ծորէր, ջանք չխնայեց հնարաւոր ամէն օգնութեամբ օժանդակելու նորաստեղծ Հայաստանին։ Բայց իր աչքն ալ մնաց իր կտրած ճամբուն վրայ, հայեացքը գամուած դէպի հեռու հորիզոնները։ Ուզեց վերադառնալ, ուխտեց վերադառնալ, պայքարեցաւ, բայց չկրցաւ։ Երկրի սահմանները ընդմիշտ պինդ փակուեցան։ Այնուհետեւ, թափառեցաւ ամբողջ աշխարհը Երկրի կարօտը սրտին։ Անգամ երբ Հայաստանի դռները բացուեցան իր առջեւ, գնաց եւ հաստատուեցաւ Հայաստան, բայց կարծես չհասաւ իր Հայաստանին։ Երկրէն դուրս ղրկուելէ ետք, քաղաքէ քաղաք պտտեցաւ, բայց ուր որ ալ գնաց ապրեցաւ հիւրի պէս, 
«ո՛չ հասաւ, ո՛չ ալ ետ դարձաւ, 
  անհասցէ փակ ծրարի պէս»։

Եւ ահա կանգնած ենք «ԴԻՄԱՆԿԱՐԻ ԱՌՋԵՒ» ուր պատկերուած է անհայրենիք աշխարհաքաղաքացին։ Ի՞նչ կարելի է ընել, որպէս Սփիւռք։ Ակնյայտ է պատասխանը։ իւր խեղդուած ձայնը լսելի դարձնել, ամբաստանող գիրքեր հրատարակել, սպառնական խօսքեր հնչեցնել, եկեղեցիներու խորաններէն երկնային բարկութիւն եւ աստուածային պատիժ կանչել չարագործներուն գլխուն, համաշխարհային մամուլը սարսափեցուցիչ նկարագրութիւններով եւ վկայութիւններով յեղեղել․․․ Եւ վերջապէս, իւր ոտնահարուած իրաւունքները պահանջել ու բողոքի ցոյցեր կազմակերպել։ իսկ ի՞նչ եղաւ այս բոլորին արդիւնքը՝ ազգերու եւ պետութիւններու հեգնանքը որ Ճանաչում կը կոչուի։ Այսուհանդերձ, ազգերու եւ պետութիւններու դիմաց միայնակ մնացած արեւմտահայ աշխարհաքաղաքացին շարունակեց իր ցոյցերը, Մայիս 28-ով հպարտացաւ ու աննպատակ՝ Մեծ Հայաստանի գաղափարը թարմացուց հոգեպէս։ Իսկ ի՞նչ շահեցաւ այդ ցոյցերով, 
«շահեցաւ լոկ ծաղր ու ծանակ՝ 
  միայնակ ցուցարարի պէս»։

Բայց չյուսահատեցաւ։ Ազգերու եւ պետութիւններու աչքին բարձրանալու համար արժէքաւոր մարդիկ տուաւ աշխարհին ու մարդկութեան՝ գիտնականներ, ճարտարագէտներ, բժիշկներ, արուեստագէտներ․․․ Ապա ելաւ այդ մարդոց ծանուցելու երբ այդ մարդիկ արդեն չկային, եւ ցուցադրելու աշխարհին թէ ինք ինչպէս զարգացուցած է օտարին երկիրը, տնտեսութիւնն ու գիտութիւնը։ Իր բոլոր միջոցներն ու աղբիւրները վատնեց օտարի հողին վրայ, որոնք եղան անօգտակար, 
«ինչպէս որ բաց ծովի վրայ, 
  տեղացող անձրեւը վարար»։


Այդ ընթացքին, Հայաստանի արեւմտահայութիւնը արեւելահայացաւ, իսկ գաղութներն ու համայնքները մէկ զմէկի յաջորդելով հիւծուեցան։ Արեւմտահայութենէն մնացած մասունքներն ալ փշուրներ դարձան։ 1918 թուականին, Հայաստանի պետութեան մէջ արեւմտահայ պաշտօնեաներ, բացառիկ գործիչներ եւ ղեկավարներ կային, բանակին մէջ արեւմտահայ ջոկատներ, թրծուած գունդեր եւ հրամանատարներ կային, իսկ հիմա մէկ հատիկ երեսփոխան կամ նախարար չկայ, անգամ սփիւռքի նախարարը արեւմտահայ չէր, հիմա այդ նախարարութիւնն ալ չկայ։ Արեւմտահայերէնը պաշտօնական լեզու չդարձաւ համազօր արեւելահայերէնին, ու իր խօսողները կորսնցնելով վտանգուեցաւ։ Արեւմտահայութիւնը երկիր չունեցաւ, հայրենիք չունեցաւ, անկախութիւն չունեցաւ։ Արեւմտահայ ժողովուրդին
«կեանքը ապարդիւն անցաւ, 
  անօգո՛ւտ իզո՜ւր տեղ կորաւ»։


Մայիս 28-ի անկախութեան շունչին ներքոյ, շատեր յիշեցին Պարոյր Սեւակի «ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ» բանաստեղծութեան տողերը, եւ թո՛ղ իրենք նշեն Արեւելահայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրման եւ 9 դարերու կորսուած արեւելահայ պետականութեան վերականգնման առիթը։ Իսկ ես հարց կու տամ, միթէ արեւմտահայութիւնը գիտակցութիւն ձեռք պիտի բերէ՞ ու իր քոմայի վիճակէն դուրս պիտի գա՞յ, որպէսզի ինքն ալ իր 7 դարերու կորսնցուցած պետականութիւնը վերականգնէ։ Եւ եթէ պատասխանը ո՛չ է, ապա երբ տասնամեակներ անց, արեւմտահայութիւնը ամբողջովին փոշիանայ ու արեւմտահայերէնը վերջապէս հոգեվարքի մտնէ, եւ ես ըլլամ վերջին արեւմտահայախօսը, միակը այն թանգարան դրուելիք, արեւմտահայութեան ցաւալի «ԴԻՄԱՆԿԱՐԻ ԱՌՋԵՒ» կանգնած, Պարոյր Սեւակի նոյն վերնագրով ութնեակը շուրթերուս վրայ քարացնելով պիտի կրկնեմ՝


«Քու կեանքդ ապարդիւն անցաւ,

  Անօգո՛ւտ իզո՜ւր տեղ կորար,

  Ինչպէս որ բաց ծովի վրայ

  Տեղացող անձրեւը վարար։

  Շահեցար լոկ ծաղր ու ծանակ՝

  Միայնակ ցուցարարի պէս․

  Ո՛չ հասար, ո՛չ ալ ետ դարձար՝

  Անհասցէ փակ ծրարի պէս․․․»




Շնորհաւոր Մայիս 28



0 comments:

Post a Comment